2017-04-30 12:06:00

Ֆրանչիսկոս Պապին Մարմեան աղօթքը` ''Կոչ Վենեզուելլայի համար''


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 30 ապրիլ 2017-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Ացիոնէ Քաթթոլիքա եկեղեցական շարժումի անդամներուն հետ` Սուրբ Պետրոսի հրատարակին վրայ ունեցած հանդիպումի աւարտին նոյն վայրէն արտասանեց Ողջ Լեր Թագուհի Մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին յատուկ օրէն յիշեց Վենեզուելլայի մէջ տեղի ունեցող ծանր հակամարտութիւնները որոնք, ըսաւ Ան պատճառեցին բազմաթիւ մեռեալներ ու վիրաւորներ։

''Մինչ կը միանամ զոհերու ընտանիքներու ցաւին, որոնց կ՛ապահովեմ նաեւ աղօթքներս, սրտաբուխ կոչ կ՛ուղղեմ կառավարութեան ու Վենեզուելլայի ընկերութեան բոլոր խաւերուն որպէսզի խուսափին առաւել բռնութիւններու որեւէ ձեւէն, ու յարգուին մարդկային իրաւունքները ու բնակչութիւնը վհատութեան մատնող մարդկայնական, ընկերային. քաղաքական ու տնտեսական տագնապին գտնուին բանակցային լուծումներ։

Սուրբ Կոյս Մարիամին յանձնենք այդ երկրի խաղաղութեան, հաշտութեան ու ժողովրդավարութեան դիտաւորութիւնները եւ աղօթենք նաեւ բոլոր այն երկիրներուն համար որոնք կ՛ապրին դժուար պահեր – ըսաւ ապա Սրբազան Պապը - մտաբերելով Եւկոզլավիան։

Ան ապա ակնարկեց երէկ Իտալիոյ Վերոնա քաղաքին մէջ Երանելի հռչակուած Լէոփոլտինա Նոտթէին ինչպէս նաեւ Սուրբ Սրտի Կաթողիկէ համալսարանի նուիրուած օրուան որ կը նշուի այսօր ու Լեհաստանի մէջ նշուող ''Աստուածաշունչի կիրակիին'', ապա խօսքը դարձեալ ուղղելով Ացիոնէ Քաթթոլիքա շարժումի անդամներուն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց ներկայութեան համար ու քաջալերեց յառաջ ընթանալ, հուսկ բոլոր հրաւիրեց դիմելու միասին Մարիամին` մեր Մօր, յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնելու համար Եգիպտոսի առաքելական ճամբորդութեան համար։

''Տիրոջմէ կը հայցեմ որ օրհնէ այդքան հիւրընկալ Եգիպտոսի ժողովուրդը, իշխանութիւնները եւ իսլամ ու քրիստոնեայ հաւատացեալները ու խաղաղութիւն պարգեւէ այդ երկիրն'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով պատգամը ու արտասանեց ''Ողջ լեր թագուհի'' Մարեմեան աղօթքը








All the contents on this site are copyrighted ©.